2013-07-10 10:47:59

Լիակատար Ներողութիւն` Երիտասարդներու Համաշխարհային Օրուան Առթիւ։


''Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը'' խորագրով Երիտասարդական համաշխարհային 28րդ օրուայ առթիւ, որ տեղի կ՛ունենայ Պրազիլի մայրաքաղաք` Րիօ Տէ Ժանէյրօյի մէջ, յառաջիկայ 22-29 յուլիս 2013, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը բաղձանք յայտնելով որ վերոյիշեալ հաւաքին մասնակցող երիտասրադները կարենան ընդունիլ սրբութեան ակնկալած պտուղները, լիակատար ներողութիւն շնորհեց բոլոր այն երիտասարդներուն եւ հաւատացեալներուն որ, Հաւատոյ Տարուայ առթիւ, պատշաճօրէն կը պատրաստուին եւ վերոյիշեալ հաւաքին կը մասնակցին ։
Լիակատար ներողութիւնը կարելի ընդունիլ կատարելով ''խոստովանանքի եւ սուրբ հաղորդութեան խորհուրդները ինչպէս նաեւ աղօթելով Սրբազան Քահանայապետի դիտաւորութիւններու համաձայն''։
Յայտնենք որ երիտասարդութեան համաշխարհային 28 օրուայ տօնակատարութիւններուն կը մասնակցի նաեւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը կատարելով իր քահանայապետութեան միջազգային առաջին ճամբորդութիւնը։
Անցեալ Կիրակի 7 յուլիսի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի ընթացքին խօսքը ուղղելով երիտասրադներուն ֆրանչիսկոս Պապը ըսած էր ''''սիրելի երիտասարդներ, ես եւս կը պատրաստուիմ այդ ժամկէտին։ Միասնաբար ընթանաք այս հաւատքի մեծ տօնակատարութեան։ Թող Տիրամայրը մեզի ընկերանայ։ ''







All the contents on this site are copyrighted ©.